2015-01-24 11:09:58

''Խաղաղութիւնը Լուծում մըն է''` Ացիոնէ Քաթթոլիքայի երիտասարդներու եւ պատանիներու ''Խաղաղութեան Կարաւանը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' Իտալական եկեղեցական շարժումի կազմակերութեամբ, իտալիոյ զանազան ժողովրդապետութիւններէն եւ Կաթողիկէ դպրոցներէն երեք հազար պատանիներ եւ երիտասարդներ, առաջնորդութեամբ իրենց ծնողաց եւ դաստիարկներուն, կիրակի 25 յունուար 2015-ին կը ժամանեն Հռոմ, աւանդութիւն դարձած ''Խաղաղութեան Կարաւանի'' ձեռնարկին առթիւ որուն այս տարուայ կարգախօսն է ''Խաղաղութիւնը Լուծում մըն է''։
''Խաղաղութեան Կարաւան'' ձեռնակը սկիզբ կ՛առնէ 25 յունուարի առաւօտեան ժամը 08,30 ին, Հռոմի Քասթէլ Սանթանճէլօ կոչուած՝ դղեակի հրապարակին վրայ, ուր պատանիներն ու երիտասարդները կը համախմբուին ու ապա ''Կարաւան'' մը կազմելով կ՛ուղղուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին եւ ունկնդրուելու Քահանայապետին խորհրդածութիւն եւ ընդունելու անոր օրհնութիւնը։
''Խաղաղութեան Կարաւանը'' ձեռնարկի առթիւ, կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին աւարտին, ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' անդամ երկու պատանիներ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ միասին, քահանայապետական գրասենեակի պատուհանէն ազատ կ՛արձակեն խաղաղութիւնը խորհրդանշող երկու սպիտակ աղաւնիներ։
Յայտնենք նաեւ թէ ''Խաղաղութեան Կարաւանը'' ձեռնարկի առթիւ Յունուար ամսուայ ընթացքին, Իտալական եկեղեցիներու ժողովրդապետութիւններու մէջ կազմակերպուած էր դրամահաւաք որուն հասոյթը այս տարի յատկացուած է Սահելի։








All the contents on this site are copyrighted ©.